“Zhamanak” Armenian-American Political Daily

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական աթոռ. կոչ առ` տեարք Ռոբերտ Կոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան

11:09 Yerevan | 7:09 GMT | Thursday 3 April 2008

Հայ եւ միջազգային լրատւութիւններ կը հաղորդեն, որ Հայաստանի մէջ, նախագահական ընտրութիւններէ ետք ժողովրդական լայնածաւալ դժգոհութիւններ եւ ընդվզումներ տեղի ունեցան եւ կունենան դեռ՝ որովհետեւ իշխանութիւններու կողմէ ընտրական շատ մեծ խախտումներ եւ ապօրինութիւններ կատարուած են:

Ժողովրդական եւ լրատուական հաղորդումներ կը վկայեն նաեւ, որ պետական իշխանութեանց ներկայացուցած արդիւնքը ամբողջապէս անճիշդ է եւ՝ խարդախուած:

Կը տեղեկագրուի եւս՝ որ պետական իշխանութիւնները, ընդմիշտ լռեցնելու համար ժողովուրդի արդար պահանջքը, դիմած են աներեւակայելի բռնարարքներու: Այդ բռնարարքներու հետեւանքով սպաննուած են շարք մը անմեղ հայեր. ծանրօրէն վնասուած եւ խոշտանգուած են շատ մը անմեղ ցուցարարներ: Այս արարքները երբեք թոյլատրելի չեն մեր հայրենիքէն ներս:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ կը տիրէ համատարած անապահովութիւն, անհանդարտ եւ խառնակ կացութիւն:

Այսու Լոս Անճելոսի (որ սփիւռքի մեծագոյն հայահոծ գաղթօճախն է) հայ մտաւորական, գրող, խմբագիր եւ սրտացաւ հայ ազգայիններս՝ ի տես Հայրենիքէն ներս գոյութիւն ունեցող տխուր վիճակին, այսու գիրով կը ներկայացնենք ձեզ մեր հետեւեալ համեստ կոչը.

Մեծայարգ Տեարք՝ Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան.

Շուրջ տասը տարիներէ ի վեր դուք, որպես Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար եւ բանակի հրամանատար՝ վարած եք Հայաստանի պետական իշխանութիւնը:

Դուք ձեր բռնած իշխանութեան՝ ձեզի ընձեռած իրաւասութեանց շնորհիւ այլամերժօրէն ձեզի միայն ենթարկուած եք Հայաստանի հեռուստատեսութեան կայանները, մասամբ նաեւ՝ լրատուական միջոցները: Ոստիկանական, դատական եւ կառավարական այլ եւ այլ լծակները եւս դուք առած եք ձեր հակակշռին ներքեւ:

Դուք եւ ձեր անմիջական գործակալները տարբեր ճանապարհներով ձեզ համար ապահոուած էք նիւթական առասպելական հարստութիւններ: Մինչդեռ մեր հայրենի ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը՝ կապրի յետին աստիճանի չքաւորութեան եւ աղքատութեան մէջ: Հայրենիքի մէջ, մեր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը տուայտի անգործութենէ, ընտանիք հոգալու միջոցներու անբաւարարութենէ, երկրէն ներս տիրող կոռուպցիայէ եւ անարդարութիւններէ: Այս եւ այլ պատճառներու հետեւանքով մեր հայրենի ժողովուրդի համարեայ կէսը լքած է Հայրենիքը եւ մեկնած տարբեր երկիրներ: Երեւոյթը ողբերգական է եւ համազօր ցեղասպանութեան:

Հարկ կա՞յ յիշելու նաեւ, որ ձեր իշխանութեան օրով տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 27-ի այն ողբերգական ոճրագործութիւնը եւ կամ դաւադիր սպանութիւնը, որ խլեց կեանքը մեր պետական աւագանիի կարեւորագոյն դէմքերուն: Դուք քաջ գիտէք եւ գաղտնիք չէ, որ ժողովրդավարական արդար քուէարկութիւններով չէ, որ դուք տիրացած եք ձեր ներկայ պաշտօններուն: Կասկածէ դուրս է եւ յստակ, որ թէ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մեր ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը կը փափագի, որ դուք հեռանաք պետական իշխանութեան ձեր բռնած դիրքերէն:

Դուք հրաժարելով ձեր ներկայ պաշօններէն, շատ աւելի կը գնահատուիք եւ կը մեծնաք ժողովուրդի առջեւ, քան թէ պաշօնի վրայ մնալով:

Մենք ականատես եղանք ժողովրդական այն հաւաքներուն, ուր շուրջ երկու հարիւր հազար հայեր ձեր անունը տալով կը գոռային՝ «Հեռացէք, հեռացէք»: Ինքնասիրութիւն ունեցող որեւէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ կառչած մնալ աթոռի մը, որ ժողովուրդի կամքին հակառակ է:

Կեանքի եւ գործի մէջ միշտ կայ հրաշալի մեկնում մը, ձեր բռնած ներկայ պաշտօններէն ձեր հրաժարումն ու հեռացումը եւս պիտի ըլլայ հրաշալի մեկնում մը: Յար եւ նման այն մեկնումին, որ տարիներ առաջ կատարեց Համաշխարհային Բ.Պատերազմի Անգլիոյ համար յաղթանակը շահող մեծագոյն դէմք մը՝ Ուինսթըն Չըրչիլ: Ուինսթըն Չըրչիլը կը վարէր Անգլիոյ մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պաշտօնը. վարչապետն էր երկրին: Պատերազմի յաղթանակէն ետք, երբ ան նկատեց որ իրեն դէմ դժգոհութիւն կայ, երկար չսպասեց, բիրտ միջոցներու չդիմեց եւ ոչ ալ բանակի միջամտութիւնը խնդրեց: Անմիջապէս ան իր հրաժարականը գրեց, յանձնեց զայն թագուհիին, որ այն տարիներուն իր աղջկան տարիքը ունէր: Անոր ձեռքը համբուրեց եւ մեկնեցաւ. հեռացաւ իր պաշտօնէն: Իր այս ընթացքով ան եղաւ եւ կը մնայ որպէս Անգլիոյ մեծագոյն դէմքերեն մէկը: Հրաշալի մեկնում մըն էր այդ իր արարքը:

Այսու կոչ կընենք ձեր ազնւութեան, Մեծայարգ Տեարք, Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, որ դուք եւս ճիշտ այսպէս մեկնիք հրաշալիօրէն: Հրաժարիք եւ հեռանաք ձեր պաշտօններէն: Մեր այս կոչն ու խնդրանքը կը ներկայացնենք ձեզ առանց քինախնդրութեան եւ ատելութեան, ընդհակառակը` կը խնդրենք սիրով եւ յարգանքով յանուն մեր հայրենիքի, ժողովուրդի, խաղաղութեան, բարօրութեան եւ յանուն մեր հայրենիքի բարգաւաճումին:

Կը խնդրենք, որ հրաշալիօրէն մեկնիք, հրաժարիք ձեր պաշտօններէն եւ դառնաք ու մնաք միշտ յարգարժան դէմքեր Հայրենիքի համար:

Ի դիմաց՝ Լոս Անճելոսի խումբ մը մտաւորականներ, գրողներ, խմբագիրներ եւ ազգայիններ: Վաստակաշատ գրագէտ՝ Անդրանիկ Ասրիան եւ Ամերիկայի Հայ գրողների միություն

26.03.2008

Արխիվ
Վերլուծական

Որտեղի՞ց են ծանոթ նրանց դեմքերը

Կուսակցությունների ղեկավարների հետ քննարկում կազմակերպելու մտադրությունը, որ Հանրային հեռուստաընկերությանը տված...

Քաղաքական

Վարչապետը սպառնալիք է ստեղծել լրագրողի համար

Վարչապետ Տիգրան Սարգսյանը ժեստ է արել` նախօրեին այցելելով հետաքննող լրագրող Էդիկ Բաղդասարյանին, ով հիվանդանոց էր...

Աշխարհ

Գլոբալիզացիան շարունակվում է

Ի տարբերություն Մեծ դեպրեսիայի, արդի ֆինանսա-տնտեսական ճգնաժամը չփոխեց համաշխարհային տնտեսական...

Copyright © 2004-2007 — Zhamanak Armenian-American political information-analytical center. All rights reserved.

Reproduction in whole or in part without permission is prohibited.